Սեւրի Դաշնագրին ստորագրումը, որքան որ մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ հայութեան բոլոր խաւերուն կողմէ անխտիր, նոյնքան ալ սուգի եւ տխրութեան ալիք մը ստեղծեց թրքական շրջանակներուն մօտ, որոնց համար այն դարձաւ ազգային աղէտի եւ ողբերգութեան խորհրդանիշ մը:
Ստորեւ օսմաներէն թերթերու մեր հաւաքածոյէն կը ներկայացնենք Կ. Պոլսոյ մէջ օսմաներէնով հրատարակուած "وقت" («Վագիդ»- «Ժամանակ») օրաթերթի Գ. տարուն 963-րդ թիւը, լոյս տեսած 12 Օգոստոս 1920-ին, Սեւրի դաշնագրի ստորագրումէն ընդամէնը երկու օր ետք, եւ որուն առաջին էջը ամբողջութեամբ նուիրուած է դաշնագրի ստորագրման:
Առաջին յօդուածով՝ «Պաշտօնական Յայտարարութիւն» վերնագրին տակ ամփոփ կերպով տրուած է Օսմանեան կառավարութեան կողմէ հաշտութեան կայացման մասին պաշտօնական յայտարարութիւնը:
Ասոր յաջորդած է «Ստորագրման օրը» վերնագրով ընդարձակ յօդուած մը, որ դաշնագրի ստորագրման արարողութեան նկարագրութենէն աւելի՝ Թուրքիոյ՝ պատերազմի ներքաշման հարցին քննարկումն է եւ դաշնագրի ստորագրման ու անոր առնչուող հարցերուն վերլուծումը:
Առաջին էջին գլխաւոր յօդուածը «Հաշտութեան դաշնագիրը առջի օր ստորագրուեցաւ» խորագրով լրատուութիւնն է, որ որպէս սուգի արտայայտութիւն, առնուած է սեւ շրջանակի մէջ: Հոն, կրկին սեւ շրջնակի մէջ, «Այսօր ազգային սուգի օր է» առանձին ենթավերնագրի տակ բառացիօրէն ըսուած է հետեւեալը. «Հաշտութեան դաշնագրի ստորագրման օրը նախապէս Ազգային Սուգի Օր յայտարարուած էր, եւ ըստ որոշումի, այսօր Ազգային Սուգի Օր պիտի ըլլայ եւ իսլամական ու թրքական բոլոր հաստատութիւնները փակ պիտի մնան: Ժամը մէկին բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցները, որպէս սուգի արտայայտութիւն, հինգ վայրկեան պիտի դադրին գործելէ»:
Թերթին առաջին էջի աւարտին կայ նաեւ Ֆուատ Խալուսիի «Կոտրում» վերնագրով ութը քառատողերէ բաղկացած չափածոյ ողբը:
Նոյն էջին վրայ զետեղուած է նաեւ դաշնագիրը ստորագրած թրքական պատուիրակութեան անդամ երեք բարձրաստիճան անձնաւորութեանց՝ Հատի Փաշայի, Ռիտա Թաուֆիք եւ Ռէշատ Խալէս Պէյերու լուսանկարները, ինչպէս նաեւ լուսանկարը Սեւրի յախճապակիի այն գործարանին, ուր ստորագրուեցաւ պատմական դաշնագիրը:
«Վաքիթ»ի յաջորդ թիւերուն մէջ եւս անդրադարձ կայ Սեւրի թեմային:
Երուանդ Օտեան, իր ամէնօրեայ «Օրը Օրին»ներուն մէջ, յօդուածով մը անդրադարձած է թուրքերու վրայ Սեւրի ձգած ազդեցութեան («Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս, թիւ 527 (2348), 13 Օգոստոս 1920), եւ իրեն յատուկ սրամտութեամբ նշած է որ անոնք փակելով իրենց խանութները, հաւաքուած են պարսիկի մը կամ յոյնի մը սրճարանը կամ գինետունը եւ նարտի խաղցած ու օղի խմած են, ապա աւելցուցած է որ եթէ առաւօտուն լոյս տեսնող թրքերէն թերթերը յայտնած չըլլային որ ցերեկը սուգի օր պիտի ըլլայ, ապա «ո՛չ ոք պիտի կրնար գուշակել թէ վերոյիշեալ մանր մունր իրողութիւնները ազգային սուգի արտայայտութիւններ էին»: Օտեան չէ մոռցած նաեւ յիշելու տեղական թերթերու սեւ շրջանակներով ու «լալահառաչ խմբագրականներով» յօդուածները:
Միհրան Մինասեան
Բանասեր, «Հայոց ցեղասպանության թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի գիտաշխատող, Հայոց ցեղասպանության հուշագրությունների, վավերագրերի և մամուլի բաժնի վարիչ: