21.02.2023
Լոյս տեսաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի նախաձեռնութեամբ հրատարակուող «Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածների յուշագրութիւններ» մատենաշարի հերթական 8-րդ հատորը, որ կը ներկայացնէ Գառնիկ Կ. Պօտուռեանի (1879-1918) «Տարագրի յուշեր 1915-1917» անտիպ հատորի գիտական հրատարակութիւնը։ Խմբագիր, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակ՝ Միհրան Ա. Մինասեան։ Հատորը կը բաղկանայ 528 էջէ։
Գիրքի առաջին մասը նուիրուած է հեղինակի ծննդավայր Նիկոմիդիոյ Պարտիզակ հայաւանին, ուր Պօտուռեան անդրադարձած է անոր տեղագրութեան, բնակչութեան, արհեստներուն, կրթական-մշակութային կեանքին, բանահիւսութեան եւ այլնի, ապա նկարագրած է Պարտիզակի մէջ իր ձերբակալութիւնը 1915-ին ու աքսորը՝ դէպի հարաւ, անցնելով տասնեակ բնակավայրերէ, հասնելով մինչեւ Հալէպ։ Հեղինակը շատ մանրամասն նկարագրած է աքսորի ճանապարհին իր կրած ու տեսած արհաւիրքները՝ ազգակիցներու թշուառութիւնը, անօթութեան ու համաճարակներու հետեւանքով անոնց տանջանքը, բռնութիւնները, սպաննութիւնները, պետական պաշտօնեաներու եւ առհասարակ թուրք ազգաբնակչութեան անմարդկային վերաբերմունքը, առեւանգումները եւ այլն։
Եթէ ընդունինք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը իրագործուեցաւ գլխաւոր երեք հանգրուաններով, առաջին՝ հայրենի բնակավայրին մէջ ու անոր անմիջական հարեւանութեամբ, երկրորդ՝ աքսորի ճանապարհին մինչեւ Հալէպ ու սուրիական անապատ, երրորդ՝ սուրիական անապատի զանգուածային կոտորածներ, ապա անկասկած այս երեք հանգրուաններէն երկրորդին՝ աքսորի ճանապարհին մասին պատմող լաւագոյն վկայութիւններէն մէկն է Պօտուռեանի այս հատորը։
Գիրքը ունի ընդարձակ յառաջաբան եւ յագեցած ծանօթագրութիւններ, ինչպէս նաեւ թեմային առնչուող տասնեակ լուսանկարներ, քարտէզներ, յաւելուածական բաժին, անձնանուններու, տեղանուններու եւ յատուկ անուններու ցանկեր եւ այլն։
Ան նախատեսուած է ազգագրագէտներու, պատմաբաններու, ցեղասպանագէտներու, հոգեբաններու եւ ընթերցող լայն շրջանակներու համար։
Միհրան Մինասեան
ՀՑԹԻ տնօրենի խորհրդական